top of page

Bible Readings for Sunday October 29th, 2023

է․ ԿԻՐԱԿԻ ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ

ԳԻՒՏ ԽԱՉԻ

SEVENTH SUNDAY OF THE EXALTATION OF THE HOLY CROSS

DISCOVERY OF THE HOLY CROSS

Եսայի 33:22-34:1; 1 Կորնթացիներուն 1:18-24; Մատթէոս 24:27-36

Isaiah 33:22-34:1; 1 Corinthians 1:18-24; Matthew 24:27-36


Եսայի 33:22-34:1

Տէ՛րն է մեր հայրը, Տէրն է մեր դատաւորը, Տէրն է մեր իշխանը, Տէրն է մեր թագաւորը, Տէրն է մեր փրկիչը, ի՛նքն է որ մեզ պիտի փրկէ:

Այն ատեն, նաւերուդ պարանները պիտի փտին, կայմերը պիտի իյնան. ալ ո՛չ առագաստ պարզելու պէտք պիտի ըլլայ, ո՛չ ալ դրօշակ. եւ նաւերդ մնալէն պիտի քայքայուին:

Տէրը իր վարձատրութենէն պիտի չզրկէ ոեւէ մէկը, ճիշդ ինչպէս յաղթանակէ մը վերջ երբ աւարը մեծ ըլլայ՝ կաղերն անգամ անկէ բաժին մը կþառնեն: Այն ատեն այլեւս յոգնութիւն եւ ցաւ գոյութիւն պիտի չունենան, որովհետեւ Տէրը պիտի ներէ իր ժողովուրդին մեղքերը:

Մօտեցէ՛ք, ո՛վ հեթանոսներ, եւ լսեցէք. ակա՛նջ դրէք, ո՛վ իշխաններ. թող երկրին բնակիչները եւ աշխարհի ժողովուրդները լսեն:


Isaiah 33:22-34:1

For the Lord is our judge, the Lord is our ruler, the Lord is our king; he will save us.

Your rigging hangs loose; it cannot hold the mast firm in its place or keep the sail spread out.

Then prey and spoil in abundance will be divided; even the lame will fall to plundering. And no inhabitant will say, ‘I am sick’; the people who live there will be forgiven their iniquity. Draw near, O nations, to hear; O peoples, give heed! Let the earth hear and all that fills it; the world and all that comes from it.


1 Կորնթացիներուն 1:18-24

Խաչին մասին քարոզութիւնը յիմարութիւն կը թուի կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար, մինչ մեզի՝ փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուս համար Աստուծոյ զօրութիւնն է անիկա: Արդարեւ մարգարէութեան մէջ գրուած է.- «Իմաստուններուն իմաստութիւնը պիտի խափանեմ, խելացիներուն խելքը պիտի կորսնցնեմ»:

Այն ատեն ո՞ւր պիտի մնան իմաստունները կամ ուսեալները եւ կամ այս աշխարհի հարցերը քննողները: Չէ՞ որ Աստուած ցոյց տուաւ՝ թէ այս աշխարհի իմաստութիւնը յիմարութիւն է: Որովհետեւ աշխարհը իր ունեցած իմաստութեամբ չկրցաւ ճանչնալ զԱստուած եւ անոր իմաստութիւնը, ուստի Աստուած ուզեց յիմարութիւն համարուած խաչին քարոզութեամբ փրկել անոնք՝ որ կը հաւատան: Եւ թէպէտ Հրեաներ հրաշք կ’ուզեն, իսկ Յոյներ իմաստութիւն կը փնտռեն, մենք խաչուած Քրիստոսը կը քարոզենք, որ գայթակղութիւն է Հրեաներուն համար եւ յիմարութիւն՝ հեթանոսներուն համար, թէպէտ նոյն այդ Հրեաներէն ու Յոյներէն կանչուածներուն եւ դարձի եկածներուն համար՝ անիկա Քրիստոսն է, Աստուծոյ զօրութիւնը եւ Աստուծոյ իմաստութիւնը:


1 Corinthians 1:18-24

For the message about the cross is foolishness to those who are perishing, but to us who are being saved, it is the power of God. For it is written, “I will destroy the wisdom of the wiseand the discernment of the discerning I will thwart.”

Where is the one who is wise? Where is the scribe? Where is the debater of this age? Has not God made foolish the wisdom of the world? For since, in the wisdom of God, the world did not know God through wisdom, God decided, through the foolishness of our proclamation, to save those who believe. For Jews demand signs, and Greeks desire wisdom, but we proclaim Christ crucified, a stumbling block to Jews and foolishness to Gentiles, but to those who are the called, both Jews and Greeks, Christ the power of God and the wisdom of God.


Մատթէոս 24:27-36

Որովհետեւ Մարդու Որդին պիտի գայ կայծակի նման, որ երբ փայլատակէ՝ կը լուսաւորէ ամբողջ երկնակամարը, արեւելքէն արեւմուտք: Անգղները կը հաւաքուին հոն՝ ուր դիակ կայ:

Նեղութեան այդ օրերէն անմիջապէս ետք արեւը պիտի խաւարի եւ լուսինը այլեւս պիտի չփայլի. երկինքէն աստղերը պիտի իյնան եւ երկնային մարմինները պիտի սասանին: Ապա Մարդու Որդիին նշանը պիտի երեւի երկինքի մէջ, եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները պիտի ողբան, երբ տեսնեն Մարդու Որդին, որ կու գայ ամպերուն վրայ բազմած՝ զօրութեամբ եւ մեծ փառքով: Երբ մեծաձայն փողը հնչէ, ան իր հրեշտակները պիտի ղրկէ, որպէսզի հաւաքեն իր ընտրեալները աշխարհի չորս կողմերէն, երկինքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը:

Թզենին ձեզի թող օրինակ ըլլայ: Երբ տեսնէք որ անոր ճիւղերը կը կակուղնան եւ տերեւ կ’արձակեն, գիտէք թէ ամառը մօտ է: Նոյնպէս ալ, երբ բոլոր ըսածներս կատարուին, գիտցէք թէ Մարդու Որդիին գալուստը մօտ է եւ արդէն հասնելու վրայ է: Վստահ եղէք, որ այս սերունդը չանցած՝ ասոնք բոլորը պիտի պատահին: Նոյնիսկ եթէ երկինքն ու երկիրը անհետանան, խօսքերս պիտի չանհետանան:

Սակայն ո՛չ ոք գիտէ թէ ե՛րբ պիտի գայ այդ օրը կամ ժամը. ո՛չ երկինքի հրեշտակները, ո՛չ ալ Որդին, բայց միայն՝ Հայրը:


Matthew 24:27-36

For as the lightning comes from the east and flashes as far as the west, so will be the coming of the Son of Man. Wherever the corpse is, there the vultures will gather. “Immediately after the suffering of those days, the sun will be darkened,and the moon will not give its light;the stars will fall from heaven,and the powers of heaven will be shaken. Then the sign of the Son of Man will appear in heaven, and then all the tribes of the earth will mourn, and they will see “the Son of Man coming on the clouds of heaven” with power and great glory. And he will send out his angels with a loud trumpet call, and they will gather his elect from the four winds, from one end of heaven to the other.

‘From the fig tree, learn its lesson: as soon as its branch becomes tender and puts forth its leaves, you know that summer is near. So also, when you see all these things, you know that he is near, at the very gates. Truly, I tell you, this generation will not pass away until all these things have taken place. Heaven and earth will pass away, but my words will not pass away.

8 views0 comments

Comments


bottom of page