ՏՕՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ
FEAST OF THE ASSUMPTION OF THE HOLY MOTHER OF GOD
Եսայի 7:10-16; Գաղատացիներուն 3:29-4:7; Ղուկաս 2:1-7
Isaiah 7.10-16, Galatians 3.29-4.7, Luke 2.1-7
Ընթերցումներ Խաղողօրհնէքի
Եսայի 65:8-10; Եբրայեցիներուն 6:16-7:7; Յովհաննէս 15:1-8
Lections for Blessing of Grapes:
Isaiah 65.8-10, Hebrews 6.16-7.7, John 15.1-8
Եսայի 7:10-16
Դարձեալ, Տէրը այս պատգամը ղրկեց Աքազի, ըսելով. «Տէր Աստուծմէդ քեզի համար նշան մը խնդրէ, երկրի խորերէն կամ երկինքի բարձունքէն»: Աքազ պատասխանեց. «Ո՛չ, զԱստուած չեմ փորձեր»:
Այն ատեն Եսայի ըսաւ. - «Լսեցէ՛ք ուրեմն, ո՜վ Դաւիթի տուն. չի՞ բաւեր որքան մարդոց համբերութիւնը հատցուցիք, որ կը փորձէք Աստուծոյ համբերութիւնը եւս հատցնել:
Ճիշդ այդ պատճառով Տէրը ի՛նք հետեւեալ նշանը պիտի տայ ձեզի. - Կոյսը պիտի յղանայ եւ զաւակ մը ծնի, որ Էմմանուէլ պիտի կոչէ:
Անիկա կարագով ու մեղրով պիտի սնանի, եւ նախքան չարը ճանչնալը եւ կամենալը՝ բարին պիտի ընտրէ. եւ տակաւին անիկա բարին ընտրել ու չարը մերժել չսորված՝ երկու երկիրներն ալ, որոնցմէ դուն կը վախնաս, իրենց թագաւորները պիտի կորսնցնեն եւ քու երկիրդ պիտի փրկուի»:
Isaiah 7.10-16
Moreover, the Lord spoke again to Ahaz, saying, “Ask a sign for yourself from the Lord your God; ask it either in the depth or in the height above.” But Ahaz said, “I will not ask, nor will I test the Lord!”
Then he said, “Hear now, O house of David! Is it a small thing for you to weary men, but will you weary my God also? Therefore, the Lord Himself will give you a sign: Behold, the virgin shall conceive and bear a Son, and shall call His name Immanuel. Curds and honey He shall eat, that He may know to refuse the evil and choose the good. For before the Child shall know to refuse the evil and choose the good, the land that you dread will be forsaken by both her kings.
Գաղատացիներուն 3:29-4:7
Արդ ուրեմն, եթէ Քրիստոսի կը պատկանիք, կը նշանակէ թէ դուք Աբրահամի զաւակներ էք եւ պիտի ժառանգէք ինչ որ Աստուած անոր խոստացաւ:
Բայց գիտցէ՛ք նաեւ, թէ ժառանգորդ մը թէպէտ ամբողջ ժառանգութեան իսկական տէրն է, բայց որքան ատեն որ անչափահաս է՝ տարբերութիւն չունի ծառայէ մը, քանի խնամակալներու եւ հոգաբարձուներու ենթակայ է, մինչեւ հասնի իր հօրը որոշած ժամանակակէտը: Նոյնն է մեր ալ պարագան: Որքան ատեն որ հոգեւորապէս անչափահաս էինք՝ բնութեան ոյժերուն կ’ենթարկուէինք ու կը ծառայէինք: Բայց հիմա յարմար ժամանակը հասած համարելով, Աստուած աշխարհ ղրկեց իր Որդին, որ կնոջմէ մը ծնաւ եւ Օրէնքին տակ ապրեցաւ, որպէսզի մեզ Օրէնքին գերութենէն փրկէ եւ Աստուծոյ որդիներ դարձնէ: Արդ, որովհետեւ իր որդիներն ենք՝ Աստուած մեր սիրտերուն մէջ ղրկեց իր Որդիին Հոգին, որով զԱստուած «Աբբա», այսինքն «Հայր» կը կոչենք: Ուստի այլեւս ծառայ չէք, այլ՝ որդի. եւ քանի որդի էք՝ Աստուծոյ խոստումը պիտի ժառանգէք:
Galatians 3.29-4.7
And if you are Christ’s, then you are Abraham’s seed, and heirs according to the promise.
Now I say that the heir, as long as he is a child, does not differ at all from a slave, though he is master of all, but is under guardians and stewards until the time appointed by the father. Even so we, when we were children, were in bondage under the elements of the world. But when the fullness of the time had come, God sent forth His Son, born of a woman, born under the law, to redeem those who were under the law, that we might receive the adoption as sons.
And because you are sons, God has sent forth the Spirit of His Son into your hearts, crying out, “Abba, Father!” Therefore, you are no longer a slave but a son, and if a son, then an heir of God through Christ.
Ղուկաս 2:1-7
Այդ օրերուն, Օգոստոս կայսր հրամանագիր հանեց՝ իր կայսրութեան սահմաններուն մէջ գտնուող բոլոր բնակիչներուն մարդահամարը կատարելու: Այս առաջին մարդահամարը տեղի ունեցաւ Սուրիայի կառավարիչ Կիրենիոսի օրերուն: Ամէն մարդ իր ծննդավայր քաղաքը կ’երթար՝ իր անունը արձանագրել տալու համար: Յովսէփ, Դաւիթի ցեղէն եւ ազգատոհմէն ըլլալուն համար, Գալիլեայի Նազարէթ քաղաքէն ելաւ եւ իր անունը արձանագրել տալու համար գնաց Հրէաստանի Բեթլեհէմ քաղաքը, Դաւիթ թագաւորին ծննդավայրը: Իրեն կ’ընկերանար իր նշանածը՝ Մարիամ, որ յղի էր:
Բեթլեհէմի մէջ Մարիամի ծննդաբերութեան ժամանակը հասաւ եւ ծնաւ իր անդրանիկ զաւակը, որ փաթթեց խանձարուրի մէջ եւ դրաւ մսուրի մը մէջ, որովհետեւ պանդոկին մէջ իրենց համար տեղ չկար:
Luke 2.1-7
And it came to pass in those days that a decree went out from Caesar Augustus that all the world should be registered. This census first took place while Quirinius was governing Syria. So all went to be registered, everyone to his own city.
Joseph also went up from Galilee, out of the city of Nazareth, into Judea, to the city of David, which is called Bethlehem, because he was of the house and lineage of David, to be registered with Mary, his betrothed wife, who was with child. So it was, that while they were there, the days were completed for her to be delivered. And she brought forth her firstborn Son and wrapped Him in swaddling cloths, and laid Him in a manger because there was no room for them in the inn.
Comentários